
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց,…















