
500է աւելի հայորդիք, հայկական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ կուսակցական թէ համակիր երիտասարդներ լեցուցած էր Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահը: Ժողովուրդը եկած էր անգամ մը եւս իր յարգանքի տուրքը տալու 127ամեայ հարազատ իր կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Եկած էր լիցքաւորուելու եւ նոր աւիշ ստանալու: Վերջապէս եկած էր վայելելու եւ վկայելու Աւստրալիոյ…














