
Հայ երիտասարդները Թեսաղոնիկէի մէջ պահանջեցին Լափշինի ազատ արձակումը Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ յունահայ երիտասարդութիւնը՝ առ ի զօրակցութիւն Մինսքի մէջ Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած լրագրող-պլոկեր Ալեքսանդր Լափշինի, բողոքի քայլերու դիմեցին անցեալ շաբթուան ընթացքին։ Ի մասնաւորի անցեալ Ուրբաթ՝ 3 Փետրուարի կէսօրին, Թեսաղոնիկէի մէջ Պելառուսիոյ հիւպատոսարանը այցելեց պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն…















