
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան Դաշնակցութեան Եւրոպայի կառոյցին անունով դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը: «Այս ահաբեկչութիւնը յատկապէս հրէշաւոր է անով, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուած երիտասարդները կը պատրաստուէին երթալ Արաբ Բունար եւ իրենց նպաստը բերել քաղաքի վերանորոգման գործին», ըսած է Կարապետեան: Ան նաեւ շեշտած է, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ցոյց…















