
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչը Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնական նամակով մը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանով պիտի պարգեւատրէ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը: Շքանշանի պարգեւատրման հրամանագիրը Նոյեմբեր 4, 2014ին ստորագրուած է նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ: Նախագահը անձամբ շքանշանը պիտի յանձնէ դոկտ. Յովսէփեանին, յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 26…















