
Մուշեղ Իշխանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ, գաղութիս մէջ համերաշխութեան, համագործակցութեան նոր գեղեցիկ պատկեր մը պարզուած է՝ յանձինս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանականներու ընկերակցութեան: Հոկտեմբեր 6ին այս երկու միութիւնները կը հրաւիրեն Մուշեղ Իշխանի շունչով դաստիարակուած բոլոր աշակերտները, Մուշեղ Իշխանի գրականութեամբ տոգորուած բոլոր գրասէրները, Մուշեղ Իշխանի մարդկային, մանկավարժական ու գրական արժանիքները խնկարկող…















