
Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան. շուտով կը հրապարակուին պաշտօնական արդիւնքները: Փաստացի է այն, որ ընտրութիւնները կայացան արդար, թափանցիկ, ժողովրդավար. աննշան խախտումներու մասին որոշ լրատուութիւններ որեւէ ձեւով չեն վիճարկեր ընտրութիւններուն նման բնորոշումներով կայանալը եւ չեն փոխեր ամբողջ տարածաշրջանին համար իբրեւ օրինակ ծառայելու համակողմանի համոզումները: Այս հանգրուանին քանի մը դիտարկում կարելի է ամփոփել Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ուղղութեամբ: Մինչ…















