
Յունուար 29ին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ռիչմընտ Հիլի մէջ կայացած Քանատայի Յառաջիկայ ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութեան նոր թեկնածուներու ի նպաստ յատուկ հաւաքի մը, որուն գլխաւոր հիւրն էր Քանատայի վարչապետ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Սթիւըն Հարփըր: Հաւաքի աւարտին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առանձնազրոյց մը ունեցան վարչապետ Հարփըրի հետ եւ անոր փոխանցեցին Հայկական…











