
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն կողմէ օտար ընկերութիւններէ վնասուց հատուցում պահանջելու իրաւունքին վերաբերող հարցը քննող՝ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը, դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչէն պահանջած է, որ ատեանին յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրէ՝ կառավարութեան կեցուածքին կապակցութեամբ: «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերէն մնացած ապահովագրական ընկերութեանց…









