«Հայ Դատ Ամերիկա» պիտակով նիւթեր

ԱՄՆ Գերագոյն ատեանը Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու դատին մասին կառավարութեան տեսակէտը կը պահանջէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն կողմէ օտար ընկերութիւններէ վնասուց հատուցում պահանջելու իրաւունքին վերաբերող հարցը քննող՝ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը, դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչէն պահանջած է, որ ատեանին յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրէ՝ կառավարութեան կեցուածքին կապակցութեամբ: «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերէն մնացած ապահովագրական ընկերութեանց…

Գոնկրէսի թեկնածուներ իրենց դիրքերը կը յստակացնեն Հայ Դատի կազմակերպած բանավէճին ընթացքին

ԷՆՍԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած բանավէճը առիթ հանդիսացաւ յստակացնելու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ընտրութեանց իրենց թեկնածութիւնը դրած Պրետ Շըրմընի եւ Հաուըրտ Պըրմընի դիրքերը: Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան քուէին համար պայքարող երկու թեկնածուները, որոնք կը պարտադրուին իրարու դէմ ճակատելու՝ քոնկրեսական ընտրատարածքներու սահմաններու փոփոխութեան պատճառով, հայութեան…

Ի նպաստ Արցախի անկախութեան՝ բանաձեւ Ա.Մ.Ն. Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու տան մէջ

ՊՈՍԹԸՆ.- Օգոստոս 6-ին, Ա.Մ.Ն. Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան: Բանաձեւը պատրաստած էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճանըսըն Հեքթ: Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ըսաւ.-. «Շնորհակալ ենք Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան Արցախի ազատութեան ի նպաստ…

Ա.Մ.Ն. Րոտ Այլընտ Նահանգի կոչը` ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը

Փրովիտէնս.- Հինգշաբթի Մայիս 17-ին, Րոտ Այլընտի ներկայացուցչական Տունը բանաձեւ մը որդեգրեց, պահանջելով որ Ա.Մ.Ն. կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ, Արցախի պետութիւնը, հետեւողական ձեւով կը գործէ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ շարունակ ճիգ կը թափէ միջազգային մակարդակի վրայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար: Այս յատուկ նիստին, Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիէն ժամանած…