
Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, կազմուած` Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի ներկայացուցիչներէ, 21 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բարձրագոյն անձնակազմին հետ` Տօղու Փերինչէքի հարցով դատարանի ծանօթ որոշումին կապակցութեամբ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը առաջին հերթին ընդգծեց, որ հայութիւնը, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` Հայաստան եւ Սփիւռք, իր բոլո՛ր հոսանքներով,…








