
Պատմագէտ եւ բանասէր Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութիւնը սոսկ պատմագիտութիւն չէ, այլեւ` ստեղծագործական գրականութիւն: Այս համոզումը ունեցանք, որովհետեւ այսօր մեր ձեռքին ունինք «Նիւթեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան համար» կոթողային շարքին Թ. հատորը, 558 ծաւալուն էջերով, լոյս տեսած` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Իբրեւ ընդհանրութիւն` թեման նոյնն է, բայց` տարբեր հորիզոններու աշխարհագրական այլ տարածքներու վրայ սերմանուած հետեւողական եռուն գործունէութեամբ:…








