
Օրերն ու ժամերը կը համրուին, նաեւ հետզհետէ աւելի հետեւողականօրէն եւ սաստիկ կերպով, ճնշումներ կը բանեցուին: Երուզեռի մէջ են Սպիտակ Տունն ու Ուաշինկթընը: Հանդիպումեր, հեռաձայնային մտերմիկ ու խորհրդապահական խօսակցութիւններ: Օրուան հրատապ նիւթն է Սուրիան, կամ աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելու համար թնճուկը.- Ե՞րբ կանաչ լոյս պիտի ստանայ Սպիտակ Տունը, միջամտելու համար Սուրիոյ ներքին քաղաքացիական պատերազմին: Վերոնշեալ հարցադրումն իսկ…















