
Ատենէ մը ի վեր աշխարհը լուրջ տագնապի մէջ է: Տնտեսական տագնապ, այստեղ-այնտեղ ապահովական անկայունութիւն, կարճատեւ ու երկարատեւ մասնակի պատերազմներ: Այսպիսի կացութիւններ պակաս չեն եղած Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդող «պաղ» կոչուած պատերազմին ամբողջ երկայնքին, որ վերջ գտաւ հիմնական կողմերէն մէկուն պարտութեամբ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումով: Ներկայ վիճակը սակայն աւելի մտահոգիչ է, քանի որ անիկա յատկանշուած է մեծ թիւով…











