
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Հունգարիոյ Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Քովաչ Թամաս Իվանի, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները` ՕԹԱՆ-ի ու Եւրոպական Միութեան մէջ: Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման գծով, եւ առաջարկել քայլեր` ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման: Դեսպանը…















