
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 21 մարտի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս օրերուն Լիբանան գտնուելուն համար: Ան նաեւ յայտնեց, թէ իր Լիբանան ներկայութիւնը նաեւ…















