
Մարտ 15ը հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած է իբրեւ Օրն Արդարահատուցման, Օրը՝ Թալէաթի ահաբեկման։ Յատկապէս Մարտ 15ին, ամէն տարի, մեր սերունդներու շրթներէն, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան անսանձ զեղումով, բարձրաձայն կը հնչէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրին թիւ 1 պատասխանատուին՝ Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ժողովրդային սրտաբուխ «Գինի լից» երգը. Աշխարհ պատեց հայի ահը, Գետին ընկաւ թուրքի գահը,…















