
Սուրիոյ կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող ռազմական օդակայանի հրթիռակոծումը ամերիկեան մարտանաւերու կողմէ խորքին մէջ նախագահ Թրամփի զինուորական առաջին ցուցադրութիւնն էր: Այս ցուցադրութեան անշուշտ պէտք է տրուէր մարդասիրական բնոյթ, մարդկութիւնը զանգուածային աղէտէ փրկելու առաքելութեան տպաւորութիւն: Դէպքերը կը յիշեցնեն զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունեցող իրաքեան իշխանութիւնները հիմնովին վերացնելու ամերիկեան ներխուժման պատճառաբանութիւնները: Օրին ամբողջ աշխարհը` միջազգային ընտանիք եւ միջազգային…














