
Արդարութեան, ու ժողովրդավարութեան դէմ կատարուած Էրտողանեան սպանդը կը շարունակէ աւերներ գործել Թուրքիոյ մէջ: Անցեալ Յուլիս 15-ի ձախողած պետական հարուածը թեւեր տուած էր բռնատէր Էրտողանին, որ ամէնայն համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ, հակաժողովրդավարական որոշումներ առնէ: Այդ ձախողած պետական հարուածի օրէն իսկ, աւելի քան հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, իսկ ասոր կողքին, երեսունըհինգ հազար այլ պաշտօնեաներ անբաղձալի…















