
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Պլումպըրկ»-ին տուած հարցազրոյցին հետեւեալ բաժինը խորիմաստ բովանդակութիւն կը բանաձեւէ եւ լոյս կը սփռէ բանակցային գործընթացի վերսկսման հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ: «Ոչ թէ պէտք է զինադադար հաստատել, այլ վերականգնել զինադադարը, որուն մասին համաձայնագիր կնքած էինք 1994 թուականին ու նաեւ այդ համաձայնագիրը ամրապնդած էինք նոր համաձայնագիրով 1995 թուականին: Եւ ինչպէս կը տեսնէք, մինչեւ…















