
Ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ յայտնաբար որոշ տեղաշարժ կայ, արցախեւազրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուող խախտումներուն դիմաց պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման մօտեցումը շրջելու: Արագ նշում կատարելով վերջին դիպաշարին` երկու քոնկրեսականներու կողմէ նախաձեռնուած ստորագրահաւաք, ամերիկացի համանախագահին հասցէագրուած նամակի ձեւով, ուր կ՛առաջարկուի զինադադարը խախտողները ճշդելու մեքենականութեան յառաջացում: Այնտեղ արծարծուած կէտերը հետեւեալներն են. Ա.- Նոր հաստատուելիք միջոցառումները թոյլ կու տան կարճ ժամկէտի…















