
Ուաշինկթընի կողմէ երեք ուղղութեամբ միաժամանակեայ կը կիրարկուի տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն: Եթէ Մոսկուայի եւ Թեհրանի նկատմամբ յայտարարուած պատժամիջոցները ունին հիմնականին մէջ տնտեսական բնոյթ, ապա Անգարայի դէմ ցարդ կիրարկուածը ամերիկացի քարոզիչի ձերբակալման եւ բանտարկման գործընթացին դերակատար եղած երկու նախարարներու ուղղութեամբ է: Բնոյթով` ոչ տնտեսական: Սակայն Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու թէժացման առընթեր թրքական լիրայի կտրուկ արժեզրկումը մտածել կու տայ, որ…















