
Պրիւքսել, 18 Մայիս.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղէ, որ յունիս 7-ին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (Halkların Demokratik Partisi, HDP) օգտին քուէարկեն: Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի այս որոշումը հիմնուած է ընդհանուր բազմաթիւ հարցերու շուրջ HDP-ի հետ հասարակաց արժէքներու եւ մօտեցումներու փոխըմբռնման վրայ: Կը հաւատանք, որ HDP-ն Թուրքիոյ մէջ…















