
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական որոշումի եւ հովանաւորութեան կարիք չունի իր պարտականութիւնները կատարելու համար: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը իրաւունք ունի Լիբանանը, անոր սահմաններն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով յարմարագոյն որոշումները տալու: Պատասխանելով ՀՅԴ-ի եւ լիբանանեան քաղաքական…














