
17 դեկտեմբերին վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները կատարած Բենօ Թոնդեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց…















