
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յուլիս 23ին կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ, Տէյվիտ Վալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ, ստորագրահաւաքի մը սկսած են, որպէսզի իրենց պաշտօնակիցները աջակցին իրենց հեղինակած նամակին, որ կը քաջալերէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունենալու յառաջիկայ Սեպտեմբերին ՄԱԿի…















