
Անգարայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու պաշտօնական ազդանշանը տրուած է: Դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ընդհանուր հաւաքին առիթով թէ՛ նախագահ Կիւլին եւ թէ՛ վարչապետ Էրտողանին ցուցմունք-ուղերձները շատ համահունչ են իրարու եւ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը ունին: Այսպէս. նշելով, որ շուտով կը լրանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Թուրքիան բացասական լոյսի տակ միջազգային օրակարգ գայ, Կիւլ կարեւոր…















