
Քառորդ դար անցած է արդէն 7 Դեկտեմբեր 1988ի այն չարաղէտ օրէն ասդին, երբ ահաւոր երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, տասնեակ հազարներով հայ մարդոց, յատկապէս մանկահասակներու կեանք խլեց եւ, Հայաստանի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը: Դեկտեմբեր 7ի օրը, 25 տարի առաջ, Երեւանէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հաւասարապէս հայ թէ օտար մարդիկ զարհուրանքով հետեւեցան Սպիտակէն սկսած…














