
ԵՐԵՒԱՆ (12 Նոյեմբեր 2013).- Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Իսթանպուլի մէջ սկսան Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար, Իսթանպուլ մեկնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցեու գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանէ։ Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի…















