
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի աշխատանքները Յուլիս 2013ին, մէկ տարուան ժամանակաշրջան բոլորեցին: Ահազանգող պայմաններու, վտանգաւոր կացութիւններու եւ սարսափազդու սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ, սուրիահայութիւնը ամրապնդեց միասնականութեան սկզբունքով առաջնորդուող իր գոյերթը: Սուրիահայութիւնը ապրեցաւ դէպքերով, յուզմունքով, տառապանքով սակայն մաքառումով, աշխատանքով ու բարեգործութիւններով լեցուն տարի մը: Սուրիահայ համայնքը ապացուցեց, որ յանուն իր Ֆիզիքական գոյութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման, կարողութիւնն ունի…















