
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- «Արմինիըն Ռիվիու»ի խմբագրութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է պարբերաթերթին նորագոյն թիւը (2013ի Գարուն-Ամառ), միաժամանակ աւելցնելով, որ թերթին նոր օգնական խմբագիր նշանակուած է Դալար Շահինեանը: Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեանը, որ վերաքննութեան կ՛ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը» գործէն որոշ հատուածներ՝ զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ…















