
Ուաշինկթընի թատերաբեմին վրայ երկու ախոյեաններ կատաղի մարտի դուրս եկած են՝ արիւնալի աւարտով վերջացող աքլորամարտերու մոլեգնութեամբ: Ո՛չ մէկ զիջում. կը յայտարարէ Սպիտակ Տան ղեկավարը: Ո՛չ մէկ զիջում. կը յայտարարէ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: Իւրաքանչիւր կողմ, ամէն անցնող օր, կարծես աւելի ու աւելի կը խրամատաւորուի, դիմացինի անզիջողութենէն աւելի կ՛ոգեւորուի ու կը կարծրանայ, իսկ փոխզիջման հնարաւորութիւնները կը շոգիանան: Մինչ…















