
Պրիւսէլը՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքը, դարձած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի եւ բախումի կեդրոնավայր։ Քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի ու գիտութեան զանազան ասպարէզներու մարդիկ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ կը հասնին այնտեղ իրենց ազգային դատը, հաւաքական շահը պաշտպանելու եւ կամ անձնական նպատակով՝ գործ, ուսում, զբօսաշրջութիւն։ Այս եռուն միջավայրին մէջ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայերու դաշնակցութիւնը (իմա՝ EAFJD եւ…














