
Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հիմնադրամին օրինագիծը առաջին ընթերցումով հաստատուեցաւ, բայց կը թուի, թէ տակաւին հնարաւորութիւն կայ զայն բարեփոխման ենթարկելու: Իշխանութեան գլուխ կանգնած ՀՀԿի ղեկավարներէն Վահրամ Պաղտասարեանը երէկ ակնարկած է պարտադրելու բաժինը օրինագիծէն հանելու մասին՝ զայն փոխարինելով կամաւոր նուիրատուութեան բանաձեւումով: Այդ պարագային, Ազգային ժողովին կողմէ հաստատման հարցը անիմաստ կը դառնայ: Կասկած չկայ,…















