
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ իր դաշնակիցներուն նկատմամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքները հաստատ են ու անշեղ: «Նախագահական ընտրութիւնը կը փափաքիմ կոչել պատմական պահ մը` փակելու անցեալի էջը եւ հայեացքները ուղղելու դէպի ապագայ: Բոլորս պէտք է գործակցինք վերակառուցելու այն ինչ որ անցեալին…















