
Թուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-ռուսական (վերա)հաշտեցման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու (վերա)բնականոնացման նախաձեռնութիւնները, որոնք հաստատագրուեցան առաջինը Յունիս 27ին պաշտօնապէս հրապարակուած եւ յաջորդ օրն իսկ ստորագրուած համաձայնագրով եւ երկրորդը՝ նոյն օրերուն Էրտողանի կողմէ Փութինին ուղարկուած անձնական նամակին յաջորդած երկու նախագահներու 42 վայրկեաննոց հեռաձայնային խօսակցութեամբ, ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, որ Անգարայի արտաքին/տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը վերադառնայ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (ԱՔՓ)…















