
Հարցազրոյց` Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Հաղորդակցութեան Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի Հետ Երէկ` ուրբաթ, 12 յունիս 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու վերջերս շարք մը եւրոպական երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երեւոյթին,…















