
Պոլիսէն կը հասնին Լոս Անճելըս: Էրտողանը իր ելոյթով ուրուագծած է արդէն Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դիմագրաւելու թրքական պետութեան ռազմավարութիւնը: Մարտավարական քայլերուն ալ արդէն ձեռնարկուած են, սկսելով Պոլիսէն, ուրկէ պիտի տարածուին աշխարհով մէկ՝ հասնելով նաեւ մեր ափերը: Եւ արդէն իսկ կը թուի, որ հասած են: Արդարեւ, կ՛իմանանք, որ վարչապետի պատգամաբերները այս օրերուն պիտի ժամանեն Լոս Անճելըս՝ ուղղակի…















