
Հալէպէն ու Դամասկոսէն մինչեւ Խրիմ, անցնելով Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն վերադառնալու համար Քեսապ, ապահովական ցնցումներն ու անոնց զուգակցուած քաղաքական իրադարձութիւնները մեկնաբանելը հայկական լրատուական ոսպնեակներուն համար յաւելեալ ճիգ, կեդրոնացում, մաքրազտման մեքենականութիւն եւ արհեստավարժ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ: Ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ այս թէժ կէտերը առնչուած են նաեւ հայկական գործօնին հետ. կամ ալ այն բնական մղումի…















