
Երկրաշարժի 25-ամեակին առիթով լոյսին բերուող մտածումներուն ու հրապարակումներուն քաղաքական հնչեղութիւն տալը, կամ անոր հետ կապուած երեւոյթները քաղաքականացնելը ճիշդ պիտի չըլլար լրագրական բարոյագիտութեան (էթիքայի) դիտանկիւնէն: Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յարգումը ինքզինք կը պարտադրէ նման պահերու, եւ այդ յարգումի սկզբունքէն մեկնած կը դիտարկուին շինարարական աշխատանքները, զոհերու հարազատներուն հասած օժանդակութիւնները, բնակարանային շինութիւնները, քաղաքի վերակառուցումը ընդհանրապէս եւ վերականգնողական համապատասխան աշխատանքները:…














