
Հայաստանի տնտեսութիւնը քանդուա՞ծ է, քայքաուա՞ծ է: Տնտեսագիտական կամ քաղաքական գնահատումներով՝ հաւանաբար նման եզրակացութիւն մը վիճելի կրնայ ըլլալ: Այսուհանդերձ, տնտեսական վերականգնման սեփական ծրագիրի մը անհրաժեշտութեան դէմ կրնա՞յ ոեւէ մէկը հակաճառել: Հայաստանէն արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ անարդարութեան, կաշառակերութեան, իշխանութեանց կամայականութեանց ստեղծած հոգեբանական ծանր մթնոլորտին կողքին՝ անգործութեան բարձր ցուցանիշն է: Նաեւ՝ գործ ունեցողներու ցած աշխատավարձը: Ամէն անգամ, երբ…















