
ՊՈՍԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, կատարուեցաւ Մասաչուսէց նահանգի հինգերորդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական աթոռի ընտրութիւնը, փոխարինելու համար Էտ Մարքին, որ Յունիս 25-էն ի վեր ընտրուած է ծերակուտական, փոխարինելով Արտաքին Գործոց նախարար ընտրուած Ճոն Քերին: Մասաչուսէցի ոստիկանապետ Փիթըր Գութուճեան (Դեմոկրատական), որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր, գրեթէ 22 առ հարիւր քուէներ ստանալով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Մօտաւորապէս 32 առ հարիւր քուէներու…















