
Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը, ամէնէն մեղմ բնութագրումով՝ անհանգստացուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները: Այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ, Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը, Պաքուի իր տէրերուն առջեւ արդարացուելու նպատակով, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր «Ամօթալի ձախողութիւն» կ՛որակէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ իրականացուած սոյն շրջապտոյտի կազմակերպումն ու ընթացքը:…














