
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ պնդեց, որ Հայաստանի նախագահը «տակաւին կը շարունակէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել դրացի երկիրներուն»: Պաշտօնական Պաքու շատ կտրուկ արձագանգեց չորեքշաբթի օր Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարեց, որ «Սերժ Սարգսեան միջազգային հանրութեան դիմաց նորէն խոստովանեցաւ, որ նախայարձակ երկրի նախագահ է եւ տակաւին կը…













