
«… Կը ցաւիմ, որ կիրակի օրով տխուր լուր մը պիտի տամ քեզի: Գիտեմ, որ շատ պիտի նեղուիս… Հայաստան… քեզի եւ ինծի սիրելի ընկեր Վահիկը… Կեանքը քեզի… այսօր սրտի սուր տագնապ մը ունեցեր է…»: Հեռաձայնողը Պոսթընէն ընկեր մըն է, նախկին պաշտօնակից մը. կ՛աւելցնէ քանի մը մանրամասնութիւն, եւ հեռաձայնը վար կը դնենք: Փամփուշտով, ռումբի բեկորով, անգա՛մ դաշոյնի…















