
Հայաստանի մէջ յետընտրական զարգացումները հետաքրքրական ուղղութիւններ եւ տարողութիւններ կը ստանան: Նախընտրական մթնոլորտը, ուր ընդհանրապէս կը տիրէր կանխորոշուածութեան համոզումն ու ընդհանուր տպաւորութիւնը, կը թուի հիմնովին շրջուած ըլլալ: Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ապահոված քուէներու տոկոսային համեմատութիւնը անկախ կուտակումի երեւոյթի պատճառներէն, կը համոզէ, որ նկատառելի զանգուած մը դուրս մնացած էր կանխորոշուածութեան մթնոլորտի բերումով յառաջացած անտարբերութեան դաշտէն: Այս իրականութիւնը մտածել կու…













