
Ստեփանակերտը դարձեալ շարժումի մէջ է: Պահանջատիրութիւնը, բողոքն ու ցասումը փոխակերպուած են ցնծութեան, յաղթանակի պարգեւած բերկրանքին ու հպարտութեան: Ինչո՞ւ չհպարտանալ: Շարժում էր, դարձաւ ազատամարտ, որուն վճռական յաղթանակի պսակը դարձաւ Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը, որուն բոլոր խորհրդանիշները երէկ մասնակից էին քսանհինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքին: Եկէք այսօր ունկնդրենք Արցախի երիտասարդութեան ձայնը, որ հնչած է Վերածնունդի հրապարակէն: Նոր յաղթանակներու…














