
Փետրուարեան հայկական խորհուրդները բազմաթիւ են ու բազմապիսի: Աւարայրէն Արցախ, անցնելով Փետրուարեան ապստամբութենէն փետրուար ամիսը գաղափարախօսական զսպանակումներով տարուան հունաւորում տուող ամիս է: Բոլոր խորհուրդներուն մէջ ալ կարմիր թելի նման կ՛անցնի ինքնուրոյն որոշումի, համազգային իղձերու արտայայտման, ազգային ինքնորոշման իրաւունքի եւ բռնատիրութեան դէմ ազատատենչութեամբ դուրս գալու անտեղիտալի կամքը: Հայկական փետրուարը արցախեան գետնի վրայ կը սկսէր բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացման…













