
Հայկական աշխարհը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Տարի մը առաջ կազմուած էր 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով, հիմնականին մէջ միջգերատեսչական ներկայացուածութեամբ: Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութիւնը պահ մը դիպաշարին հետեւողներուն մօտ յառաջացուց այն մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները կրնան ընդհանրապէս տեղի չունենալ, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ համարժէք արժանավայելութեամբ տեղի ունենան: Պետականութեան եւ պետականութենէն ակնկալուած…















