
Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն ակնկալուած կարգով կը նկատուի տարածաշրջանային կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որ ստացած էր արդէն աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Տարածաշրջանին մէջ, անկախ ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ եւ յարափոփոխ միտումներէն, ըստ էութեան աշխարհագրական առաջին քարտէսավերագծումի մեկնարկին նախադրեալներն են, որ կը փոխանցուին: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէն իրաւական անկախութիւն է կամ ճանչցուած հանրապետութեան կայացում: Հանրաքուէն այդ ճամբուն…















